2015-10-25 12:07:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքը` ''Եկեղեցին մօտիկ է գաղթական ընտանիքներուն''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 25 հոկտեմբերի կէսօրին, յետ Սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցած Սիւնհոդոսի եզրափակիչ պատարագին,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը­, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան Աղօթքէն առաջ Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութիւն մը ներկայացուց ըսելով Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,այս առաւօտ Սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցած սուրբ պատարագի արարողութեամբ վերջ գտաւ ընտանիքի նուիրուած Եպիսկոպոսներուն ընդհանուր սիւնհոդոսը։ Բոլորդ կը հրաւիրեմ շնորհակալութիւն յայտնելու Աստուծոյ այս երեք շաբաթուայ միասնական աշխատանքին համար որ յատկանշուեցաւ աղօթքով ու իսկական հաղորդութեան հոգիով։

Սրբազան Հայրը ապա մատնանշեց թէ ''Սիւնհոդոս կը նշանակէ միասին քալել։ Եւ այս եղաւ Եկեղեցւոյ փորձառութիւը` քալել Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդի ընտանիքներուն հետ'' ապա ակնարկեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն ուր Երեմիայ մարգարէն կը հաստատէ թէ ''Իսրայէլի ժողովուրդը ճամբայ ելաւ լացի ու ողբի մէջ սակայն Աստուած անոնց պիտի տայ մխիթարութիւն ու պիտի առաջնորդէ դէպի ջուրով բեղուն գետեր որովհետեւ Ինք Իսրայէլի Հայրն է''։ Աստուծոյ այս խօսքը կը նշանակէ թէ Ինք առաջինն է որ կ՛ուզէ մեր հետ քալել ու մեր հետ ''սիւնհոդոս'' կազմել, նոյնինքն Տէրը մեր Հայրը։ Ան կ՛ուզէ իր ժողովուրդը կազմել ու համախմբել ու երկրի վրայ առաջնորդել դէպի ազատութիւն ու խաղաղութիւն։ ''Այս ժողովուրդը կազմուած է ընտանիքներէն։ Ժողովուրդ մը որ յառաջ կ՛ընթանայ Աստուծոյ օրհնութեամբ։ Ժողովուրդ մը որ չի բացառեր աղքատները ու կարիքաւորները ընդհակառակը զանոնք կը նեռարէ'', հաստատեց Սրբազան Հայրը խոստովանելով թէ Երեմիա մարգարէի այս մարգարէութիւնը համեմատած է Եւրոպայի ճանապարհներու վրայ ողբերգական ուղեւորութեան մէջ գտնուղ գաղթականներուն։ ''Անոնց եւս Աստուած կ՛ըսէ մեկնեցաք լացի մէջ ու ես ձեզ պիտի տանիմ մխիթարութեան''։ Այս ընտանիքները եւս, արմատախիլ եղած իրենց օրրաններէն, մեր հետ ներկայ էին սիւնհոդոսի ընթացքին, մեր աղօթքներուն մէջ ու իրենց Հովիւներու միջոցաւ։ Արժանապատուութիւն փնտռող այս անձերը, խաղաղութիւն փնտռող այս ընտանիքները կը մնան մեր հետ, Եկեղեցին զանոնք չի լքեր, որովհետեւ անոնք մաս են Աստուծոյ ժողովուրդին որ կ՛զուէ զանոնք ազատագրել ստրկութենէ ու առաջնորդել դէպի ազատութիւն։

Տէրը` բարեխօսութեամբ Սուրբ Կոյս Մարիամին մեզի օգնէ որպէսզի կարենանք իրականացնել եղբայրական հաղորդութեամբ ի յայտ եկած ցուցմունքները ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը եզրափակելով իր խորհրդածութիւնը հուսկ արտասանեց Մարեմեան Աղօթքը որմէ ետք ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն ու անոնցմէ հրաժեշտ առաւ անոնց մաղթելով բարի կիրակի ու խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.